2014-05-05 13:59:52

Գերապայծառ Թոմազի` Սուրբ Աթոռը յանձնառու է մարդու իրաւունքներու պաշտպանումին ի սպաս։


''Սուրբ Աթոռը յանձնառու է պայքարելու ''խոշտանգում''ին դէմ որպէս հիմնական նպատակ ունենալով ''պաշտպանել մարդ անհատի անձեռնմխելի իրաւունքները'' – ըսաւ Մակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Թոմազի, երկուշաբթի 5 մայիսի առաւօտեան, Ժընեւի մէջ կայացած Մակի խոշտանգումի կանխարգիլման կոմիտէի նիստի ընթացքին ։
Վատիկանի դիւանագէտը հաստատեց թէ '' խոշտանգումի կանխարգիլման համաձայնութիւնը'' հաւաստի ծրագիր մըն է պայքարել մղելու այն արարքներուն դէմ որ ծանր յանցագործութիւն մըն են` մարդու հիմնական իրաւունքի հանդէպ։ Ան ապա նշեց թէ ինչպէս, 2002 թուականին` Վատիկանը ընդունած է այդ համաձայնագիրը, ընգծելով որ Սուրբ Աթոռը ''իրաւասութիւն չունի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ամէն մէկ անհատի վրայ'' ու թէ այն ''անձերը որ կ՛ապրին որոշ երկրի մը մէջ, ենթակայ են այդ երկրի օրէնսդրութիւն''։ Մինչ Վատիկանը իր իշխանութիւնը կը բանեցնէ Վատիկանի մէջ ապրող անհատներու վրայ։
Գերապայծառ Թոմազի հաստատեց ապա թէ Սուրբ Աթոռը կը նպաստէ ու պիտի շարունակէ նպաստել մարդկայնական ընդհանուր արժէքներուն ու մարդու իրաւունքի զրագացումի գործընթացքին, որ անհրաժեշտ է ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն ու աշխահի մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.